Թուրքիա Հրաժարած է «Ստեղծագործ Եւրոպա» Նախագիծէն` Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համերգին Պատճառով

Թուրքիա կասեցուցած է իր մասնակցութիւնը «Ստեղծագործ Եւրոպա» նախագիծէն:
Ըստ թրքական «Haberturk» թերթի կայքի` պատճառը «Ստեղծագործ Եւրոպա»-ի` Գերմանիոյ Տրեզտեն քաղաքի սիմֆոնիկ նուագախումբի պատրաստած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Աղէտ» համերգային նախագիծին ցոյց տուած 200 միլիոն եւրոյի աջակցութիւնն է:
«Ստեղծագործ Եւրոպա»-ն 1 միլիառ 460 միլիոն եւրօ պիւտճէ ունեցող նախագիծ է, որ կ՛աջակցի Եւրոպայի մէջ 2014-2020 թուականներուն իրականացուող մշակութային ձեռնարկներուն: Ծրագիրին միացած երկիրները, որոնց մէջ էր նաեւ Թուրքիան տարեկան որոշակի գումար կը յատկացնեն ընդհանուր պիւտճէին, որ կը ծախսուի անդամ երկիրներու մշակութային նախագիծերուն աջակցելու համար:
Կը նշուի, որ ծրագիրին Թուրքիոյ յատկացումը 2015 թուականին համար կազմած է 2 միլիոն 390 հազար եւրօ:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ ամսուն մեծ աղմուկ բարձրացած էր, երբ Թուրքիան պահանջած էր դադրեցնել Տրեզտենի սիմֆոնիկ նուագախումբին տրուող աջակցութիւնը, քանի որ նուագախումբը կը մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Աղէտ» երաժշտական նախագիծին: Անգարան պահանջած էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովի պաշտօնական կայքէն հեռացնել նախագիծին մասին տեղեկութիւնը:
Տրեզտենի սիմֆոնիկ նուագախումբի հիմնադիր ղեկավար Մարկուս Ռինդտը թեմային վերաբերեալ իր տարածած յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ յիշատակի ձեռնակին խափանման ուղղուած այդ նախաձեռնութիւնը «բռնութիւն է խօսքի ազատութեան դէմ»: