Հայկական Գինիի Համտեսում Պելճիքայի ՄԷջ

ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 28-ին Պելճիքայի Թագաւորական Ակադեմիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայկական գինիներու համտեսում, որ կազմակերպուած էր Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ԵՄ-ի մէջ ՀՀ առեւտրական ներկայացուցիչին կողմէ` Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի ու պելճիքական «Armenian Brandy and Wine» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Հայկական գինիներ համտեսելու հնարաւորութիւն ունեցան ԵՄ եւ Պելճիքայի Թագաւորութեան աւելի քան 300 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Պելճիքայի գործարար եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Համտեսումին համար ներկայացուած էին հայկական գինեգործական ոլորտի 15 ընկերութիւններու 37 լաւագոյն գինիներու տեսականի:

Ինչպէս նշեցին կազմակերպիչները, ձեռնարկին նպատակն է նպաստել ԵՄ շուկային մէջ հայկական գինեգործական ոլորտի ճանաչելիութեան բարձրացման, խթանել դէպի ԵՄ շուկայ արտահանման ծաւալներու աճը եւ բացայայտել նոր գործընկերներ:

Ասիկա Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ԵՄի մէջ ՀՀ առեւտրական ներկայացուցիչին կողմէ կազմակերպուած 2-րդ նմանօրինակ ձեռնարկն է: Որպէս առաջին ձեռնարկի գործնական արդիւնք` գինիներու ներմուծմամբ զբաղուող պելճիքական ընկերութիւնները ընթացիկ տարուան ընթացքին ներմուծած են աւելի քան 20000 շիշ հայկական գինի:

Scroll Up