Հայրենիքէն Հեռու, Հայրենիքին Հետ. Հայկական Մշակոյթի Երեկոյ Ալմաթի ՄԷջ

Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հանրապետական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Էռնեսթ Վարդերեսեանի նախաձեռնութեամբ Ալմաթի մէջ օրերս կազմակերպուած էր հայկական մշակոյթի երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին: Այս մասին Ալմաթիէն «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լուսինէ Շահուերդեան:
Յատուկ ձեռնարկին համար պատրաստուած էր տեսանիւթ` անկախութեան տարիներուն գիտութեան, մշակոյթին, ճարտարապետութեան, մարմնամարզութեան, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի ձեռքբերումներուն մասին:
Ձեռնարկին կը մասնակցէր աւելի քան 200 մարդ, որոնց մէջ էին նաեւ տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներ, անուանի արուեստագէտներ, գիտնականներ, բժիշկներ: Դահլիճին մէջ տօնական տրամադրութիւն էր. Մարդիկ կը շնորհաւորէին իրար, Հայաստանին մաղթելով բարօրութիւն, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին` արեւշատութիւն, ստեղծագործական նորանոր նուաճումներ:
Համերգի ժամանակ հնչեցին Շառլ Ազնաւուրի, Առնօ Բաբաջանեանի երգերը, պարի եղանակներ` հայկական տուտուկի եւ տհոլի, ինչպէս նաեւ ղազախական տոմպռայի նուագակցութեամբ, կատարուեցան հայկական եւ ղազախական պարեր: