Microsoft Ֆրանսայի Տնօրէն Նշանակուած Է Վահէ Թորոսեան

Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայ Վահէ Թորոսեանը: Le Point ամսագիրին ան հարցազրոյց  տուած է` մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի սմարթֆոններու ապագային մասին: Նորանշանակ տնօրէնը հաստատած է, որ ընկերութիւնը  քանի մը տարիով հեռացած է սմարթֆոններու շուկայէն եւ այսուհետ հիմնական ուշադրութիւնը կ’ուղղէ ընկերակցական ոլորտին, կը գրէ ittrend.am-ը:

Microsoft Ֆրանսայի ղեկավարը նշած է, որ մօտակայ տարիներուն չարժէր սպասել Microsoft-ի կողմէ թողարկուելիք նոր սմարթֆոններու: Սակայն ասիկա չանդրադառնար Windows 10 Mobile- վրայ, այն կը շարունակուի նոյն ձեւով մշակուիլ ու թարմացուիլ:

Վահէ Թորոսեան Microsoft-ի մէջ կ’աշխատի 1992-էն, այս ընթացքին գրաւած է տարբեր պաշտօններ: Կրթութիւնը ստացած է Շիքակոյի համալսարանին մէջ:

Աղբիւր` Le Point

Scroll Up