Հայաստանի ԱԳ Նախարարի Եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Հանդիպումը
Հոկտեմբեր 29-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տմիդրիս Աւրամոպուլոսի հետ:
Ողջունելով հիւրը` ԱԳ Նախարար Նալպանտեան նշեց, որ երկու երկիրները կապուած են բազմաթիւ պատմական եւ մշակութային առնչութիւններով, եւ Հայաստանը մեծապէս կարեւոր կը համարէ աւանդական բարեկամ երկրի` Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումն ու ընդլայնումը:
ԱԳ Նախարարը աւելցուց, որ ջերմութեամբ կը յիշէ այս տարուան մարտին իր պաշտօնական այցելութիւնը Աթէնք եւ հանդիպումը Տմիդրիս Աւրամոպուլոսի հետ որպէս Յունաստանի ԱԳ նախարար, ու գոհունակութեամբ նշեց, որ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները արդէն կեանքի կը կոչուին:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հայ-յունական միջպետական փոխյարաբերութիւնները: Ան ըսաւ, որ պատմութեան մէջ յայտնի են բազմաթիւ դէպքեր, երբ հայ եւ յոյն ժողովուրդները միասնաբար պայքարած են օտարերկրեայ նուաճողներու դէմ:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկկողմ քաղաքական եւ ռազմական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախարար Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: