Թուրքիոյ Մէջ Միակ Ցուցանակը Ուր Գրուած Է Հայկական Թագաւորութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/IMG_20160921_120031.jpg)
Թուրքիոյ մէջ կայ եզակի ցուցանակ մը, ուր նշուած է Հայկական թագաւորութիւն:
Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ յայտնուած հայկական Կիլիկիան թագաւորութեան օրօք կառուցուած եւ ներկայիս մզկիթի վերածուած Տարսոնի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ պատին փակցուած ցուցանակին վրայ թրքերէնով ու անգլերէնով գրուած է, որ եկեղեցին կառուցուած է 11–րդ դարուն Հայկական թագաւորութեան ժամանակ Օշին թագաւորին կողմէ:
Ըստ News.am-ի` սա եզակի գրութիւն է, որովհետեւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային յուշարձաններու, ներառեալ Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիի մէջ որեւէ տեղ նշուած չէ հայ կամ Հայաստան բառը: Իսկ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ցուցանակին վրայ միայն 2015–ին աւելցուեցաւ «Հայկական եկեղեցի» արտահայութիւնը: Իսկ Հայաստան կամ Հայկական թագաւորութիւն գրութիւնը բացի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ ցուցանակէն, այլ տեղ չկայ: