ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Մօտ Աւստրիոյ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Ալոիս Կրաուտը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/Austria.jpg)
Հոկտեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Աւստրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալոիս Կրաուտը, Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան ղեկավար Տորիս Կիւնտերցիմերը եւ Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Արամ Մարութեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-աւստրիական յարաբերութիւնները, Աւստրիոյ մէջ հայ համայնքին վերաբերող, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: