ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Հայ Երգի Օր» Համերգային Ծրագիրի Մասնակիցները

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Սեպտեմբեր 27-ին ընդունեց նախօրէին «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ կայացած «Հայ երգի օր» համերգային ծրագիրի մասնակիցները:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց հրաշալի կատարումներուն համար եւ մասնաւորապէս նշեց. «Կարեւոր եմ համարում այն հանգամանքը, որ համերգը կայացաւ Կոմիտասի ծննդեան օրը: Դա մեր յարգանքի եւ յիշատակի տուրքն էր մեծ արուեստագէտին: Նշանակալի էր նաեւ տարբեր երկրների կատարողների մասնակցութիւնը համերգին: Վստահ եմ, որ Հայաստանի հողի ու ժողովրդի հետ շփուելուց յետոյ` առաւել եւս կը կապուէք հայ  երգարուեստին»:

Այնուհետեւ, շնորհակալանքի ու երախտագիտութեան խօսքեր ըսին ներկաները` շեշտելով, որ շատ յուզուած ու տպաւորուած են Հայաստանէն, մշակութային կոթողներէն ու ժողովուրդէն:

Արտայայտելով իր ջերմ զգացումները` շուէտի երգահան եւ երգիչ  Քրիսթեր Վիկմարք ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ հանգամանքներու բերումով առնչուած եմ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն եւ այցելելով Հայաստան խորապէս հասկցայ անոր երգարուեստին մէջ ներփակուած քնքշութիւնն ու սէրը: Որքան ալ որ հեռուէն փորձես ճիշդ մեկնաբանել երաժշտութիւնը, այնուամենայնիւ, միայն ստեղծագործողի հայրենիքին մէջ  կրնաս աւելի լաւ ճանչնալ ու հասկնալ զինք: Հայաստան հին մշակոյթ ունեցող երկիր է եւ ես կ’ուզեմ խնդրել` աւելի լաւ պահպանէք Երեւանի հին շինութիւնները, որոնք կը կրեն անցեալի հետքերն ու գեղեցկութիւնը»:

Իրենց տպաւորութիւնները արտայայտեցին նաեւ Կարինէ Հելլման-Գէորգեան (Շուէտ, Սթոքհոլմ), Ատել Ազրոյեան (ՌԴ, Մոսկուա), Պեթինա Յովսէփեան (Իրան, Թեհրան), Սար Սարգսեան (ԼՂՀ, Հադրութ):

Դաշնակահար Իռենա Քոֆման (ԱՄՆ, Մայամի) հայ ժողովուրդի, անոր մշակոյթի եւ մասնաւորապէս Կոմիտասի հանդէպ իր խոր յարգանքը յայտնելով` նշեց, որ այս ամէնէն ետք, ինքզինք հայ կը զգայ եւ պիտի շարունակէ ընդլայնել կապը հայ երաժշտարուեստին հետ: Ապա աւելցուց, որ Ֆլորիտայի համալսարանը, ուր ինք կ’աշխատի, կրթաթոշակներ կը տրամադրէ շնորհալի երտասարդներու եւ ուրախ կ’ըլլայ այնտեղ տեսնել նաեւ հայ տաղանդաւոր ուսանողներու:

Ամփոփելով հանդիպումը` նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան բարի ճանապարհ եւ բարի վերադարձ մաղթեց արուեստագէտներուն եւ վստահեցուց, որ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի յաջորդ  փառատօնները ըլլան աւելի ընդգրկուն ու տպաւորիչ:

Scroll Up