Հալէպի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւնը Տեղի Ունեցաւ Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Եկեղեցւոյ մուտքին հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի արի-արենոյշներուն եւ փողերախումբին կողմէ:
Սրահէն ներս հրաւիրեալները պաշտօնապէս ընդունուեցան ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին եւ հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Պալայեանին կողմէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը շնորհաւորելու եկած էին Սուրիոյ Խորհրդարանի Հալէպի պատգամաւորները, Հալէպի նորանշանակ նահանգապետ Հուսէյն Ահմատ Տիապը, Պաաս Կուսակցութեան Հալէպի պետը, պետական անվտանգութեան ներկայացուցիչը, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան անդամը, առաքինազարդ քոյրեր, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:
Սրահէն ներս հիւրերը ընդունուեցան դասական երաժշտութեամբ, կատարողութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կոմիտասի անուան սենեկային նուագախումբի անդամներէն կազմուած լարային քառեակին:
Ընդունելութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով:
Այս առիթով խօսք առաւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ .
« 25 տարիներ առաջ մեր ժողովուրդը դարձրեց իր պատմութեան հերթական էջը ու բացեց ոսկեդարի մի նոր փուլ՝ աշխարհին յայտարարելով, որ պատրաստ է լինել ազատ, անկախ ինքնիշխան եւ կրել սեփական ճակատագիրը կերտելու մեծագոյն պատիւն ու պատասխանատուութիւնը: Իրականացաւ այն՝ ինչի մասին երազում էին աշխարհով մէկ սփռուած միլիոնաւոր հայեր: Հայաստանը ձեռք բերեց անկախութիւն:
« Ինչպէս ցոյց է տուել հայոց պատմութիւնը, այս անգամ էլ վիճակուած չէր դիւրին ճանապարհ անցնել դէպի անկախութիւն: Միջազգային ընտանիքում ու տարածաշրջանում ամրապնդուելու ճանապարհը բարդ էր ու դժուարութիւններով լի:
« Սովետական Միութեան փլուզումը, Սպիտակի 1988 թուականի կործանարար երկրաշարժը, Արցախի ժողովուրդի կամակատարութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմից պարտադրուած պատերազմը եւ տնտեսական շրջափակումը մեծ փորձութիւն էին նորանկախ մեր հանրապետութեան համար:
« Այդուհանդերձ, մեր երիտասարդ հանրապետութեանը յաջողուեց յաղթանակ տանել պատերազմում, յաղթահարել էներկէթիկ ճգնաժամը, վերագործարկել Մեծամօրի ադոմակայանը, վերականգնել տնտեսութիւնը եւ ապահովել տնտեսական աճ:
«Այս ճանապարհում Հայաստանը միայնակ չէր, քանի որ ունէր նուիրեալ զաւակներ, որոնք առաջին իսկ օրուանից ձեռք մեկնեցին օգնութեան եւ այդ օգնութիւնը նոր ուժականութիւն հաղորդեց մեր ընդհանուր պայքարին: Սփիւռքի մեր քոյրերն ու եղբայրները ցուցաբերեցին ամենատարբեր օժանդակութիւն, սկսած զէնքը ձեռքին մեր սահմանները պաշտպանելուց մինչեւ ամենատարբեր ատեաններում մեր շահերի պաշտպանութիւն, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն:
«Համազգային այս զարթօնքում իր ուրոյն ներդրումն ունեցաւ Հալէպի հայ գաղթօճախը, որ նորանկախ մեր պետութեան վերաբերուեց ինչպէս նորածին մանուկի, մշտապէս կանգնելով նրա կողքին, գուրգուրելով եւ փայփայելով, մինչեւ որ այդ հայ մանուկը մեծացաւ, երիտասարդ դարձաւ:
«Հանգամանքների բերումով եկաւ ժամանակը, երբ մայր հայրենիքը արդէն պէտք էր սատար կանգնէր իր ամենանուիրուած համայնքներից մէկից: 5 տարի առաջ սկսուած սիրիական պատերազմի արհաւիրքը հասաւ նաեւ Հալէպ պատճառելով բազում ցաւ ու զրկանքներ հայկական այս կանգուն համայնքին: Ու այդ ժամանակ հայրենիքը բացեց իր դռները բոլոր սիրիահայութեան, այդ թւում նաեւ հալէպահայութեան համար:
« Այստեղ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմից որոշում կայացուեց ցանկացած պարագայում շարունակել Դամասկոսում Հայաստանի Դեսպանութեան եւ Հալէպում Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան աշխատանքը՝ ցուցաբերելու համար օժանդակութիւն մեր այն հայրենակիցներին, ովքեր որոշում կայացրեցին մնալ եւ պայքարել բոլոր դժուարութիւնների դէմ:
« Մենք նաեւ մեր շնորհակալութիւնն ենք յայտնում Սիրիայի հիւրընկալ ժողովրդին: 100 տարի առաջ սիրիացի ժողովուրդը ընդունելով Օսմանեան Կայսրութիւնում իրագործուած ցեղասպանութիւնից մազապուրծ բազմահազար հայերին, հնարաւորութիւն տուեց վերջիններին ապրելու, ստեղծագործելու եւ իրենց հետ հաւասար շէնացնելու Սիրիան: Եթէ չլինէր սիրիացիների ջերմ վերաբերմունքն ու ծանրագոյն օրեր ապրող հայութեան օժանդակելու պատրաստակամութիւնը, մենք այսօր այստեղ չէինք լինի եւ չէինք ունենայ այն ծաղկուն համայնքը, որ ունէինք նախքան պատերազմը:
«Հաշուի չառնելով բոլոր դժուարութիւնները, որոնց այսօր բախւում է ցանկացած հալէպաբնակ, մենք հաւաքուել ենք այսօր նշելու Հայաստանի Հանրապետութեամ անկախութեան տօնը, հաւաքուած այս բազմութիւնը ամենավառ ապացոյցն է, որ Հալէպը կենդանի է, Հալէպը շնչում է, որ քաղաքի լաւագոյն օրերը դեռ առջեւում են եւ որ հայ համայնքը դեռ վերագտնելու է իր նախկին կեանքը:
«Ցանկանում եմ նախ եւ առաջ խաղաղութիւն մաղթել Հայաստանին, Արցախին, Սիրիային եւ առհասարակ ողջ աշխարհին, քանի որ միայն խաղաղութեան պայմաններում է հնարաւոր ապրել, արարել, ստեղծագործել ու կառուցել: Շնորհաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Կեցցէ՜ Հայաստանը: Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը»:
Գլխաւոր Հիւպատոսին խօսքը արաբերէնով ներկայացուց Մարինէ Տարաքճեան:
Այնուհետեւ ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին առիթով պարգեւատրուեցան հետեւեալ հալէպահայերը.
1- Հանրապետութեան տօնին առիթով, ՀՀ նախագահին կողմէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդին համար Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով:
2- Հանրապետութեան տօնին առիթով, ՀՀ նախագահին կողմէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդին համար ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով:
3- Հանրապետութեան տօնին առիթով, ՀՀ նախագահին կողմէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդին համար ՀԲԸՄ-ի անդամ Հէնրի Արսլանեան պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Հերացի»ի մետալով:
4- Հանրապետութեան տօնին առիթով, ՀՀ նախագահին կողմէ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդին եւ թարգմանչական բազմածաւալ գործունէութեան համար Ալեքսանտր Քէշիշեանին պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով:
5- Հանրապետութեան տօնին առիթով, ՀՀ նախագահին կողմէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հայապահպանման գործին ներդրած նշանակալի աւանդին համար Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախկին տնօրէն Ֆիմի Տէր Յակոբեան պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով:
6- Հայոց լեզուի եւ գրականութեան պահպանման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Հուրի Ազէզեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ վարչապետի յուշամետալով:
7- Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրաբերած արժէքաւոր ձեռագիրներուն եւ հնատիպ բազմաթիւ գիրքերուն համար Մատենադարանի տնօրէնին կողմէ Սօսէ Պարոնեան պարգեւատրուեցաւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալով:
8- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ Հալէպի տիրող իրավիճակը, համայնքի կրթամշակութային կեանքը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները լուսաբանելու համար Աւօ Գաթրճեան Պատւոյ գիր ստացաւ:
9- ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը Հալէպի մէջ Գլխաւոր Հիւպատոսութենէն ներս բարեխիղճ աշխատանքի համար ՀՀ Սփիւռքի նախարարին պատւոյ գիրով պարգեւատրեց նաեւ հիւպատասութեան աշխատակազմի անդամներ՝ Շանթ Ուրիշիկեան, Մարինէ Տարաքճեան եւ Անի Դաւիթեան:
Հուսկ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբազան Արք. Սարգիսեան Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշան»ով պարգեւատրեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ պատիւ եւ պարտաւորեցնող համարելով այս շքանշանը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումը:
Ներկաները ջերմ մթնոլորտի մէջ շնորհաւորանքներ փոխանակեցին:
Ընդունելութեան լրատուութիւնը կատարեցին սուրիական լրատուամիջոցներու, Ռատիօ Երազի ու «Երկիր Մետիա»ի Հալէպի գրասենեակի ներկայացուցիչները:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Հալեպ1Հալեպ2Հալեպ3Հալեպ4Հալեպ5Հալեպ6Հալեպ7

Scroll Up