ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Պատուիրակութիւնը
Սեպտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանը, փոխատենապետ Լեւոն Պլխեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամներ Ալեքսան Գարատանեանը եւ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը, որոնք Հայաստան ժամանած են մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն:
Հիւրերը նախարարին պատմեցին տօնական ձեռնարկներուն իրենց ունեցած տպաւորութիւններուն մասին` նշելով, որ այդ ամէնը հպարտութիւն եւ ապագայի հանդէպ լաւատեսութեան զգացումներ ներշնչած է իրենց:
Այնուհետեւ, զրոյցը ընթացաւ ՌԱԿ գործունէութեան, Հայաստանի հետ կապերու սերտացման հնարաւորութիւններուն եւ համագործակցութեան շուրջ: