Սթրազպուրկի «Հայորդի» Երիտասարդաց Միութիւնը Կը Կազմակերպէ Հայոց Լեզուի Անվճար Դասընթացներ

Սթրազպուրկի «Հայորդի» երիտասարդաց միութիւնը Հոկտեմբեր 21-ին կը սկսի  հայոց լեզուի անվճար դասընթացներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով  Nouvelles d’Armռnie պարբերականին, մէկ ժամ տեւողութեամբ դասընթացները կը կայանան ամէն ուրբաթ, ժամը` 18:00-ին, 1 Rue de la Patrie 67300 Schiltigheim հասցէին: Կրնան մասնակցիլ 7-15 տարեկան բոլոր այն երեխաներն ու պատանիները, որոնք ցանկութիւն ունին սորվելու մայրենին:

Յ.Գ. Սթրազպուրկի մէջ գործող «Հայորդի» երիտասարդաց միութեան գործունէութեան հիմքին մէջ դրուած է հայրենասիրութիւնը եւ հայապահպանութեան  կարեւորագոյն խնդիրը:  Նախագծած  ու իրականցուցած են  շարք մը հայրենասիրական ու մշակութային ձեռնարկներ: Միութիւնը պաշտօնապէս արձանագրուած է 2011 թուականին: 2015 թուականին կեանքի կոչեցին նոր հայրենասիրական ծրագիր «Օգնենք սահմանամերձ գիւղերուն» խորագիրով:  «Հայորդի» երտասարդաց միութեան նախաձեռնութեամբ արդէն երկրորդ տարին է, որ կ’իրականացուի այս ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու անապահով ընտանիքներուն կ’օգնեն հագուստով, իսկ դպրոցականներուն`  գրենական պարագաներով: Աջակցութեան ծրագիրը կ’իրականացուի միութեան անդամներու համատեղ ջանքերով:

Scroll Up