Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Վահանակներ ԱՄՆ -ի Մասաչուսէթս Նահանգի Ամենաբանուկ Մայրուղիներուն Վրայ

«Իմ եւ «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան անունէն կը շնորհաւորեմ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձը` բարձրացնելով 6 ելեկտրոնային վահանակներ ԱՄՆ -ի Մասաչուսէթս նահանգի ամենաբանուկ մայրուղիներուն վրայ ` Rte. 1A, Lynn, Rte. 1 in Malden and 495, Methuen. Boston, Massachusetts. Վահանակները պիտի մնան մինչեւ Սեպտեմբեր 30: Վահանակները կ’արտացոլեն անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի ձեռքբերումները` եռագոյնը, նորակառոյց եւ հինաւուրց Երեւանը` վերածնունդի խորհրդանիշով եւ Ծիծեռնակաբերդով, որ միաձուլուած արեւի ճառագայթներուն տուն կը կանչէ Մասիսը ու կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յաղթանակը ընդդէմ մահու: Մէջտեղը 25 տարեկան Հայաստանն է` անկախութեան, խաղաղութեան, գեղեցկութեան մարմնացում, որ ձեռքերը պարզած է դէպի խաղաղութեան աղաւնիները, իսկ եռագոյնը յաղթական արծիւի թռիչքով կը մտնէ Արցախ»,- «Հայերն այսօր»-ի-ին կը գրէ «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան:

վահանակ4վահանակվահանակ1վահանակ2վահանակ3

Scroll Up