ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Պէյրութի Մէջ

Սեպտեմբեր 21-ին Պէյրութի «Փիւնիկիա» հիւրանոցի «Պիպլոս» մեծ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի վարչապետի ներկայացուցիչ, աշխատանքի նախարար Սեժան Ազզին, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ Պասսեմ Ալ Շապը, Լիբանանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի ներկայ եւ նախկին անդամներ, բանակի զօրավարներ, Պէյրութի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագիտական մարմնի այլ ներկայացուցիչներ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս 20-րդը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան, տարբեր եկեղեցիներ ներկայացնող հոգեւոր առաջնորդներ, հայ համայնքի կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց դարեր շարունակ անկախութեան նուիրական ձգտումով պայքար մղած եւ 25 տարի առաջ իր անկախ պետականութիւնը վերակերտած հայ ժողովուրդի անցած դժուարին ուղին եւ անկախութենէն յետոյ արձանագրուած ձեռքբերումները` ուղղուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման, տնտեսութեան վերականգնման եւ միջազգային հարթակի վրայ վստահելի գործընկերոջ կերպարի կերտման: Դեսպանը խօսեցաւ անկախ Հայաստանի կողմէ դիմագրաւուած մատրահրաւէրներուն մասին, ներկայացուց նաեւ արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացքի ներկայ վիճակը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:

Հայ-լիբանանեան բարեկամութեան ծիրէն ներս` ՀՀ դեսպանը յատուկ ընդգծեց Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին` հայութեան հանդէպ ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքը` նշելով, որ Լիբանանը այն բացառիկ երկիրներէն է, որ մէկ դար առաջ հիւրընկալեց ցեղասպանութենէն փրկուած հայութեան բեկորները` բոլոր անհրաժեշտ պայմանները առաջարկելով ոչ միայն լիբանանեան հասարակութեան մէջ ընդելուզուելու, Դեսպան Մկրտչեան երախտագիտութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` մաղթելով մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու շուտափոյթ եւ խաղաղ լուծում:

Ընդունելութեան ընթացքին հնչեցին հայկական երգերու կատարումներ, ներկայացուեցան հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ:

Scroll Up