Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակի Նշում` «Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ անոր կնոջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրենտ Պոլրում» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէ ետք Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ արաբերէնով, անգլերէնով եւ հայերէնով ողջոյնի խօսքը արտասանեց Միրա Եարտըմեան եւ ապա բեմ հրաւիրեց դեսպան Մկրտչեանը` փոխանցելու համար իր պատգամը:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր պատգամը սկսաւ նշելով, թէ 1918 թուականի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը կռուան հանդիսացած է 70 տարիներ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ մնացած Հայաստանի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայերուն համար: Ուստի 1991-ին, երկար ժամանակ պետականութենէ զուրկ, բայց միշտ ազատատենջ հայութեան համար մարտահրաւէր հանդիսացած է կառուցել կենսունակ եւ ամուր պետականութիւն մը: Մկրտչեան ըսաւ, որ թէեւ անկախացման ժամանակ հայ ազգի պատմութենէն հասած ժառանգութիւնը 1991-ին այդքան ալ նախանձելի չէ եղած, բայց ամէնէն կարեւորը բարգաւաճիլ շարունակել եւ հաստատակամ մնալն էր: Ան հաստատեց, որ 25 տարիները կրնան կարճ ժամանակ թուիլ դարաւոր անցեալով յատկանշուած ազգի մը համար, բայց եւ այնպէս բաւարար ժամանակահատուած կը հանդիսանայ ինքնաքննումի եւ հաշուեյարդար կատարելու համար: Առ այդ, Մկրտչեան թուեց 25 տարիներու ընթացքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս` Արցախի պատերազմը եւ անկախութիւնը, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն անբարեացակամ քաղաքականութեան դէմ պայքարը,տնտեսութեան ու առեւտուրի դժուարութիւնները, մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հիմքերը դնելը, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքները: Դեսպանը նշեց, որ նման մարտահրաւէրներ ընկերութեան զարգացման հոլովոյթին մասնիկներն են, եւ տակաւին Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ գործեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ: Դեսպան Մկրտչեան այս առումով կարեւոր նկատեց անյողդողդ ըլլալու եւ միշտ լուծումներու հասնելու կամքը:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին դերը հայ ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութեան մէջ, մանաւանդ 1915-էն ետք Լիբանան բռնագաղթուած հայերուն համար: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայը շնորհիւ լիբանանցի ժողովուրդին թէ՛ կրցած է մաս կազմել երկրին ընկերային կեանքին, թէ՛ ալ կրցած է չկորսնցնել հայկական ինքնութիւնը: Խօսելով շրջանի ու Լիբանանի քաղաքական դժուարութիւններուն մասին` դեսպանը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անցեալին ալ, ներկայիս ալ միշտ իր բարեկամական ձեռքը կ՛երկարէ Լիբանանին:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքը աւարտեց արաբերէնով արտասանելով «Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Լիբանանը եւ կեցցէ՛ անոնց բարեկամութիւնը»:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակի տօնակատարութեան ներկայ էին վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պասեմ Շապ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Տօնակատարութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու սահիկներու ցուցադրութիւն, գեղանկարչական ցուցադրութիւն եւ երեկոն հմայեց թենոր Ճոնի Կէօքճեան` արաբերէն եւ հայերէն փունջ մը երգերու կատարողութեամբ: Տեղի ունեցաւ հայկական ճաշերու եւ գինիի հիւրասիրութիւն:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up