ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին Առիթով Եգիպտոսի ՄԷջ Կը Բացուի Եգիպտացի Լուսանկարիչին` Հայաստանին Նուիրուած Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Egiptos.jpg)
ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Եգիպտոսի Մշակոյթի նախարարութեան հովանիի ներքոյ Սեպտեմբեր 26-28 Միջազգային մշակութային համագործակցութեան եգիպտական կեդրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ Եգիպտացի լուսանկարիչ Թաուֆիք ՏաՃանիի «Հայաստան-Եգիպտոս. գունաւոր զուգահեռներ» լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն, բացման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Սեպտեմբեր 26-ին` ժամը 19:00-ին: