ՀՀ Անկախութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Մշակութային Ձեռնարկ Փեքինի ՄԷջ
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ` Փեքինի Ճինթայի արուեստի թանգարանէն ներս (Beijing Jintai Art Museum), հայկական կրպարներով ձեւաւորուած ցուցասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայաստանցի գեղանկարիչ Ալեքսանդր Դերոյեանի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Ս․Մանասարեան, որ հակիրճ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան տարիներու անցած ճանապարհը, առանձնայատուկ կարեւոր համարեց մեր երկու երկիրներու միջեւ մշակութային փոխհամագործակցութիւնը, ընդգծելով մշակութային շփումներու եւ փոխանակումներու աշխատանքը:
«Չինաստանում Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի շրջանակներում անցկացուող մշակութային միջոցառումը լաւ առիթ է չինացի արուեստասէր հասարակութեանը ներկայացնել հայկական գեղարուեստը»– նշեց դեսպան Մանասարեան:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Փեքինի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, ՉԺՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնեաներ, չինացի արուեստասէրներ, ինչպէս նաեւ` շարք մը չինական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: