Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» Վէպը Լեհական Անկելուս Գրական Մրցոյթի Եզրափակիչին

Ռումանահայ գրող, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Շշուկներու մատեան» վէպը լեհական Անկելուս/Angelus գրական մրցոյթի եզրափակիչին է: Անկելուս մրցանակը արձակի բնագաւառին մէջ կը համարուի Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ամենահեղինակաւորներէն, որ կը շնորհուի 2006թ. ի վեր: Ժիւրին մրցանակին ներկայացուած 70 գործերէն ընտրած է ընդամէնը 7 անուն, որոնց մէջ նաեւ Վարուժան Ոսկանեանի յայտնի վէպը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Անկելուս մրցանակին հետ միաժամանակ կը շնորհուի նաեւ «Հանրաճանաչութեան» տիտղոս (Նաթալիա Կորպանիեւսկա մրցանակ), որուն յաղթողը կ’որոշուի ընթերցողներուն կողմէ: Վարուժան Ոսկանեանի ընթերցողները ամէնուր, ներառեալ նաեւ Հայաստանի մէջ կրնան մասնակցիլ քուէարկութեան. http://angelus.com.pl/ կայքէջի աջ մասին մէջ ուղղահայեաց դիրքով գիրքերու տիտղոսաթերթերն են, որոնցմէ իւրաքանիւրին տակ կայ GLOSUJ կոճակը («Շշուկներու մատեանը» լեհերեն կը կոչուի KSIEGA SZEPTOW եւ շարքին մէջ վերջինն է), որուն վրայ սեղմելով կրնաք քուէարկել մեր հայրենակիցին օգտին:

«Հանրաճանաչութեան» տիտղոսին համար ելեկտրոնային քուէարկութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 12, իսկ գլխաւոր մրցանակը կը շնորհուի Հոկտեմբեր 15-ին Վրոցլաւի մէջ:

Scroll Up