Ծերակոյտի Յատուկ յանձանաժողովը ջնջած է ժխտողականութեան պատժելիութիւնը նախատեսող յօդուածը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Ֆրանիս-Սենատ.jpg)
Սեպտեմբեր 13-ին, Ծերակոյտի՝ Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան յատուկ յանձնաժողովը որոշած է օրէնքի փոփոխութենէն զեղչել այդ յօդուածը, որու հետեւանքով օրինագիծը, ըստ ֆրանսական Սահմանադրութեան՝ վերստին Խորհրդարան պիտի ղրկուի քննարկուելու համար: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի» ՝ յայտնած է «Նոր Յառաջ»-ը:
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) ցաւ կը յայտնէ, ըսելով, թէ մինչ Հանրապետութիւնը անխնայ պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան, խաւարամտութեան եւ դաւադրութիւններու դէմ, այդ յօդուածը խիստ եւ յստակ պատգամ մըն էր անտեղիտալի կեցուածք ցուցաբերելու եւ մարդկային արժանապատւութեան դէմ ուղղուած ժխտողականութեան քարոզչութիւնները օրինազանց հռչակելու առումով:
CCAF կը յիշեցնէ, որ Փէրինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ վճիռին մէջ, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը հաստատած է ժխտողականութեան դէմ օրէնսդրութեան սկզբունքը, մանաւանդ որ ժխտողականութիւնը ատելութիւն եւ բրտութիւն կը սերմանէ:
CCAF յիշեցնելով նաեւ որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը 2016 Յունուար 8-ին վաւերացնելով Կեսոյի օրէնքը, որ պատժելի կը դարձնէ Հրէից Ողջակէզին ժխտումը, կ՚ըսէ, թէ վերջակէտ մը դրուեցաւ յիշողութեան օրէնքներու շուրջ ծագած բանավէճին:
Հուսկ, CCAF կը յիշեցնէ նաեւ որ կառավարութեան խնդրոյ առարկայ բանաձեւին մէջ յիշողութեան մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն առկայ ըլլալով, ան որեւէ ձեւով չէր հակասեր Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ 2012 Փետրուար 28-ին արտայայտած պատճառաբանութիւններուն, երբ ան կը մերժէր ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելի դարձնող օրէնքը, իր բովանդակութեան որոշ մասերուն պատճառով:
Հաղորդագրութեան աւարտին, CCAF կասկած կը յայտնէ, թէ այս որոշումը հետեւանք է թրքական կառավարութեան ճնշումներուն եւ կոչ կ՚ընէ Ծերակոյտին, որպէսզի օրէնքի քննարկման ընթացքին՝ վերահաստատէ կառավարութեան այդ բանաձեւը: