ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Մեր Հայրենիքի անկախացումէն ետք կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկն է Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը, որ այսօր կը թեւակոխէ իր հինգամեակը:

Անդուլ ու յարատեւ աշխատանքով անցեալ հինգ տարիներու իր բեղուն գործունեութեամբ ան արդարացուց իր գոյութիւնը եւ եղաւ շղթայի այն կարեւոր օղակներէն մէկը, որ կը միացնէ համայն հայութիւնը կորիզ ունենալով`  Մայր Հայրենիքը: Հինգ տարիներ շարունակուող անդադար ազգօգուտ իր ձեռնարկները, որոնք կ’ընդգրկեն բոլոր տեսակի մարզեր՝ տնտեսականէն մինչեւ մշակութային, մինչեւ կրթական, եղան յանուն մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի բարգաւաճման ու սփիւռքի համար ազգապահպանման երաշխաւորող ծրագիրներ:

Հոս պէտք չէ մոռացութեան տալ, որ Նախարարութեան յաջողութիւններուն գլխաւորաբար կը պարտինք անոր նախարարին՝ տիկ. Հրանուշ Յակոբեանին, որու անդուլ, հոգատար նուիրումին շնորհիւ է, որ բոլորիս կողմէ տեսանելի նուաճումները արձանագրուեցան:

Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ Նախարարութեան հինգամեակը եւ տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի յաջողութիւնները՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ յարատեւող ձեռքբերումներ՝ ի շահ մեր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին:

ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իրաքի ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ

Scroll Up