Քալիֆորնիոյ Հայ Համայնքը Կը Պատրաստուի Կարօ Փայլանը Դիմաւորելու

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Սեպտեմբեր 24-26-ին կը պատրաստուի այցելել ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի հայ համայնքին ու մասնակցիլ շարք մը ձեռնարկներու: Մասնաւորապէս` գիտական համաժողովի, հայ համայնքի հետ ընթրիքի, հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագի, նաեւ Asbarez պարբերականի նախաձեռնութեամբ կայանալիք հանդիպման:

Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez.com-ը, Թուրքիոյ Ժողովրդա-դեմոկրատական (HDP) կուսակցութիւնը ներկայացնող Կարօ Փայլան, որ շատ աշխոյժ է Սթամպուլի հայ համայնքին առնչուող հարցերուն,  կը պատրաստուի Քալիֆորնիա կատարելիք այցելութեան ծիրէն ներս անդրադառնալ նաեւ Թուրքիոյ  եւ ընդհանուր տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Փայլան Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ սոցիալական արդարութեան աշխոյժ պաշտպան է: Ան կը մասնակցի Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններուն նուիրուած քննարկումներուն: Մինչ պատգամաւոր ընտրուիլը, Փայլան աշխատած է HDP-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ: Ան երկար ժամանակ նպաստած է Թուրքիոյ մէջ երկլեզու կրթութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու, ներառեալ հայերու իրաւունքներու իրացման: Փայլան դէմ  հանդէս կու գայ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ խտրականութեան: Ան աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով իրազեկուածութեան մեծացման:

Scroll Up