Դեսպան Մանուկեանի Հանդիպումը Վրաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Հետ

Հոկտեմբեր 23-ին Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամարա Սանիկիձէի հետ:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար`  ՀՀ դեսպանը նշեց, որ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ հայ-վրացական համագործակցութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու կարեւոր ուղղութիւններէն է, եւ երկու երկիրներու համապատասխան գերատեսչութիւններու միջեւ առկայ է համագործակցութեան բարձր մակարդակ:

 Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու յետագայ խորացման, Վրաստանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու, հայոց լեզուի դասաւանդման, հայալեզու դպրոցներու համար անձնակազմի պատրաստման հետ կապուած հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up