ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼԵԼ, ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ԶԻՋՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ ԱՌՆԵԼ

Ազէր­պայճա­նի եւ­րո­պական շար­ժու­մի նա­խագահ Ռա­մին Կա­ճիլի Հա­յաս­տա­նին կոչ ըրած է «գրա­ւեալ տա­րածքնե­ր»ը ազա­տագ­րելու՝ հա­ւաս­տե­լով, որ եթէ այդ «6 շրջան­նե­րը ազա­տագ­րուին», Պա­քու շատ մեծ զի­ջումներ կը կա­տարէ: Միեւ­նոյն ժա­մանակ, Կա­ճիլի դժուարա­ցած է պա­տաս­խա­նելու «Ար­մինֆօ»ի թղթա­կիցին այն հար­ցումնե­րուն, թէ ի՞նչպի­սի զի­ջումնե­րու մա­սին է խօս­քը, եւ ի՞նչու պա­տերազ­մը շա­հած կող­մը պէտք է զի­ջումներ կա­տարէ: “Տուեալ պա­րագա­յին կող­մե­րէն մէ­կը պէտք է զի­ջում կա­տարէ. ազէր­պայճան­ցի ժո­ղովուրդը պա­տերազմ չ՚ու­զեր եւ կը փա­փաքի Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հա­կամար­տութիւ­նը կար­գա­ւորել խա­ղաղ բա­նակ­ցութիւննե­րու մի­ջոցով”,- նշած է ան:

Միեւ­նոյն ժա­մանակ, հա­կառակ Ազէր­պայճա­նի «սեւ ցանկ»ին մէջ յայտնուելու սպառ­նա­լիքին, ան փա­փաք յայտնած է այ­ցե­լելու Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ: Կա­ճիլի, որ յայտնած է, թէ մին­չեւ 10 տա­րեկան հասակը ապ­րած է Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ, ըսած է, որ Հա­յաս­տան գա­լով ար­դէն նշեալ «սեւ ցանկ»ին վրայ կը յայ­տնուի, այնպէս որ՝եթէ վախ­նանք նման գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէ, խնդի­րը մե­ռեալ կէ­տէն չի շար­ժիր”:

Յի­շեց­նենք, որ Ազէր­պայճա­նի եւ­րո­պական շարժումի ղե­կավար Ռա­մին Կա­ճիլի եւ կա­ռոյ­ցի խա­ղաղա­րար նա­խաձեռ­նութիւննե­րու գծով փոր­ձա­գէտ Կա­միտա Կիաս­պէյլի Հոկ­տեմբեր 19ին Երե­ւան ժա­մանած էին՝ մաս­նակցե­լու հա­մար «Քա­ղաքա­ցիական նա­խաձեռ­նութիւննե­րի դե­րի բարձրա­ցու­մը Ղա­րաբա­ղեան հա­կամար­տութեան խաղաղ կարգաւորման գործում» նախագիծի աշխատանքներուն:

 «Նոր Յառաջ» 

Scroll Up