ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/27.jpg)
Սեպտեմբեր 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները:
Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ ձեռարկներու պատշաճ իրականացումը, մասնաւորապէս, «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուելիք «Արա եւ Շամիրամ» պարային ներկայացման, «Վոկալ երաժշտութեան երեկոյի», «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօնի», «Հայ երգի օրուայ» եւ «100+1» ծրագիրներու յաւուր պատշաճի կազմակերպումն ու լուսաբանումը, յանձնարարեց առկայ կազմակերպչական բոլոր խնդիրները լուծել ժամանակին եւ արդիւնաւէտ:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ առաւել հետեւողականօրէն իրականացնել իրենց վերապահուած գործառոյթները: Տրուեցան այլ յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: