Գիտելիքի Եւ Դպրութեան Օրը «Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներուն Հիւրընկալած Դպրոցին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/դպրոց1-1024x767.jpg)
Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան հ.67 դպրոցի համար այնչափ սպասուած էր Սեպտեմբեր 1-ը, քանի որ այդ օրը դպրոցի մանկավարժները, աշակերտները պէտք է հպարտութեան մեծ զգացումով դիմաւորէին հիւրերը, քանզի ողջ ամառուան ընթացքին իրենց կրթօճախը` սփիւռքէն ժամանած պատանիներուն եւ աղջիկներուն համար դարձած էր հայրենագիտութեան ոստան` համախմբելով սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն Րաֆֆիի յայտնի «Հայրենասիրութիւնը սկսւում է հայրենագիտութիւնից» մտքի խոր գիտակցումով:
Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը ազդարարեց ուսումնական տարուան սկիզբը` գիտելիքներով հարստանալու, իրական արժէքները ճանչնալու, նոր նպատակներ կեանքի կոչելու…
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուղերձը ներկայացնելու պատիւը տրուեցաւ դպրոցի տնօրէն Անահիտ Խեչումեանին,որ նաեւ իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց անոնց, որոնք զօրավիգ են կրթութեան գործին:
Տօնական օրուան առթիւ չարենցականներուն շնորհաւորելու եկած էին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ պարոն Արամ Սուքիասեան, մայրաքաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան, քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան, Հանրակրթութեան վարչութեան պետի տեղակալ Անահիտ Մելքոնեան, քաղաքապետի խորհրդական Գրիգոր Սարիբէկեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ տիկին Սիրվարդ Համբարեան, ՀՀ ՊՆ–ի վերահսկողութեան վարչութեան պետի տեղակալ Հրանդ Մարգարեան, ԵԿՄ–էն Վահան Եղիազարեան, խաղաղապահ կիսաբաժինի ներկայացուցիչները եւ ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կից Մոսկուայի «Վերածնունդ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Շողիկ Փահլեւանեան:
Սիրվարդ Համբարեան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն շնորհաւորեց մանկավարժներն ու դպրոցականները տօնին առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան, որ հնարաւորութիւն տուաւ Եղիշէ Չարենցի անունը կրող դպրոցին դառնալ «Համահայկական դպրոց», ուր ողջ ամառուան ընթացքին իրականացուեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպուող հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացները: Շողիկ Փահլեւանեան , ով որպէս հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհի հրաւիրուած էր «Արի տուն» ծրագիրով` Ռուսաստանէն ժամանած հայերէն չիմացող հայ երեխաներու գրաճանաչութիւնը եւ հայրենաճանաչութիւնը իրականացնելու համար,Գիտելիքի օրուան առթիւ շնորհաւորեց դպրոցի սաները, մանկավարժական եւ ծնողական համակազմերը, իր երախտագիտութեան խօսքը ըսաւ դպրոցին եւ անոր տնօրինութեան` ի դէմս տիկին Անահիտ Խեչումեանի: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը իր մեծ ներդրումը ունեցաւ եւ կ’ունենայ հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման գործընթացին: Ան աւարտեց իր խօսքը հետեւեալ եզրահանգումով. «Թող որ գայ այն օրը, երբ աշխարհի չորս ծագերում սփռուած հայութիւնը վերադառնայ հայրենիք, եւ սրբազան Արարատի ստորոտում համախմբուած պարի իր աւանդական շուրջպարը` «Քոչարին»…»: