Ասթանայի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին ՄԷջ Մեկնարկեց Նոր Ուսումնական Տարին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Աստանա.jpg)
Սեպտեմբեր 4-ին Ասթանայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ հանդիսութիւն էր` նուիրուած նոր ուսումնական տարուան մեկնարկին: Հայ երեխաներու դպրոցամուտը նշելու հաւաքուած էին «Վան» հայկական մշակութային կեդրոնի ղեկավարները, համայնքի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ, ի հարկէ, ուսուցիչներ: Այս տարի դպրոցը պիտի ունենայ 25 աշակերտ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Ասթանայի հայ համայնքէն, հանդիսութեան կը մասնակցէր Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արա Սահակեան: Ան շնորհաւորեց նոր ուսումնական տարուան մէկնարկին առթիւ եւ ողջերթի խօսք ըսաւ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, բոլոր անոնց, որոնք կը գիտակցին մայրենի լեզուի դերը ազգապահպանութեան կարեւոր գործին մէջ եւ զինուորագրուած են հայուն հայ պահելու, անոր իր պատմական արմատներուն, պատմութեան ու մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու ազգանուէր գործին:
Դեսպանը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Ասթանայի, Աթըրաուի, Գարականտայի հայկական դպրոցներուն մայրենիի ուսուցման դասագիրքերու նոր խմբաքանակ եւ ուսումնամեթոտական այլ նիւթեր տրամադրելու համար:
Հանդիսութեան վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ «Վան» հայկական մշակութային կեդրոնի համանուն պարային համոյթը: