ԼՂՀ Անկախութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկները Կը Մեկնարկեն Այսօրուընէ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկները արդէն կը մեկնարկեն այսօր: ԼՂՀ Ազգային ժողովի կայքին մէջ տեղադրուած ծրագիրին համաձայն, այսօր Արցախի բոլոր կրթօճախներուն մէջ կ’իրականացուի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» թեմայով դաս, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, Ստեփանակերտի կեդրոնական պուրակին մէջ պիտի կայանայ զինուորական նուագախումբին համերգը:
Սեպտեմբեր 2-ին ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի տրուի երթով` Վերածնունդի հրապարակէն դէպի յուշահամալիր, այնուհետեւ` ծաղկեպսակադրութիւն Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ: Պիտի ըլլան բացօթեայ տօնական ձեռնարկներ Ստեփանակերտի տարբեր հատուածներու մէջ, ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս` «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը»: Այդ օրը նաեւ պիտի բացուի Շուշիի հանրակացարանային համալիրը: Տօնական համերգէն ետք պիտի ըլլայ հրավառութիւն Վերածնունդի հրապարակին վրայ:
Ձեռնարկները պիտի շարունակուին նաեւ Սեպտեմբեր 3-ին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղին մէջ պիտի բացուի նոր թաղամաս: