ԱՄՆ Պետական Բաժանմունքը Ամերիկացի Դիւանագէտներու Ընտանիքները Յորդորած է Լքել Թուրքիան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/50768.jpg)
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը նոր նախազգուշացում ըրած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող կամ այնտեղ մեկնիլ փափաքող իր քաղաքացիներուն համար` կապուած այդ երկրին մէջ առկայ ահաբեկչական վտանգին հետ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը տեղեկացնէ թրքական «Hurriyet» պարբերականը:
Պետական բաժանմունքի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան եւ Սթամպուլի մէջ ԱՄՆ հիւպատոսութեան աշխատակիցները կրնան Օգոստոս 23-Սեպտեմբեր 23 կամաւոր լքել Թուրքիոյ տարածքը: Այդ ընթացքին ամերիկեան կողմը պիտի փոխհատուցէ իր աշխատակիցներուն ճանապարհային ծախսերը:
ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նման որոշումը կապուած է ողջ Թուրքիոյ տարածքին ԱՄՆ քաղաքացիներուն սպառնացող ահաբեկչական վտանգով: ԱՄՆ քաղաքացիներուն յատկապէս կոչ ուղղուած է զերծ մնալու Թուրքիոյ հարաւ-արեւելք նախատեսուող այցերէն: