Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ի Յիշատակ Սփիւռքահայ Յայտնի Գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի

Օգոստոս 28-ին Շուէտի Սէոտերթելիէ քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն` սփիւռքահայ կրթութեան եւ մշակոյթի ճանչցուած գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարած է Սքանտինաւիոյ Հայոց հոգեւոր հովիւ, հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տէր Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան:

Հայր սուրբը անդրադարձած է Գէորգ Գանտահարեանի կեանքին եւ գործունէութեան, յիշատակելով յատկապէս կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ անոր ներդրած մեծ աւանդը եւ պետական, հոգեւոր, հասարակական ոլորտներուն մէջ սփիւռքահայ գործիչի վաստակած բարձրագոյն պարգեւները` իր վաստակած մեծապէս գնահատելի աւանդի համար:

Աւելցնենք, որ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուած են նաեւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Սուրբ Էջմիածինի, Աթէնքի Հայ առաքելական առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Քեսապի Քալատուրանի եկեղեցւոյ մէջ:

Այս կիրակի` Սեպտեմբեր 4-ին, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ:

Scroll Up