ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Տեղակալը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակին

Հոկտեմբեր 22-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի թմրանիւթերու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի գործադիր տնօրէն, ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակի ղեկավար Եուրի Ֆեդոտովը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը ծաղկեպսակ դրաւ 1915-23 թթ. Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ ծաղիկներ դրաւ անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց անմեղ զոհերու յիշատակը:

Եուրի Ֆեդոտովը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ծանօթացաւ ցեղասպանութիւնը հաւաստող վաւերագրերուն ու փաստաթուղթերուն:

Հիւրը նաեւ գրառում կատարեց պաշտօնական այցելութիւններու յուշամատեանին մէջ:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up