Հայ Օգնութեան Միութեան Ներկայացուցիչները Արցախի Մէջ Զինուորներուն Կը Սատարեն. տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/զինվոր1.jpg)
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա». –Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ սատարել հայ զինուորներուն, յատկապէս՝ սահմանապահներուն: 20 Օգոստոսին ՀՕՄականները անգամ մը եւս Արցախ այցելեցին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով միութեան կարգախօսին՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»:
Սահմանային զօրամասեր հասնելու նախորդող առաջին կանգառը Քարվաճառի մէջ էր, ուր ՀՕՄականները ծաղիկներ զետեղեցին Արցախի հերոս, Շուշիի առանձնակի գումարատակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեանի յուշաքարին առջեւ:
Ապա անոնք ուղղուեցան պաշտպանական շրջանի զօրամաս, ուր անոնք հանդիպում ունեցան զօրամասի հրամանատարին հետ, տեղւոյն վրայ քննարկեցին կատարուելիք աշխատանքներն ու յառաջիկայի խնդիրները: Հանդիպման աւարտէն ետք մասնակիցները զինուորներուն եւ հրամանատարական կազմին հետ խոնարհեցան Շահէն Մեղրեանի կիսանդրիին առջեւ՝ այդպիսով վառ պահելով արցախեան ազատամարտը կերտողներէն մէկուն յիշատակը:
ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Դիանա Յովսէփեանի համաձայն՝ մեր ազգային պայքարին մէջ պարտադիր չէ, որ բոլորին ձեռքին զէնք ըլլայ, բայց կարեւոր է, որ բոլորս ըլլանք զէնք բռնողներուն կողքին, որովհետեւ այդ ալ պայքար է։
Զինուորին թիկունքը ապահովելը եւս պատուաբեր առաքելութիւն է:
Անոր համաձայն՝ Արցախի ՀՕՄը, իր կարգին, ունի յատուկ ծրագիր՝ «Այցելութիւն դիրքապահին» նախաձեռնութիւնը, որ կը գործադրուի 2012 թուականէն:
Այցելութեան երկրորդ օրը ՀՕՄուհիները այցելեցին սահմանային այլ զօրամաս մը, ուր իրենց սկզբունքներուն համապատասխան ծանօթացան զինուորներու առօրեային եւ առկայ խնդիրներուն:
Արցախեան ուղեւորութիւնը եզրափակուեցաւ Դադիվանքի մէջ՝ մոմավառութեամբ: