«Արի Տուն» Ծրագիրով Երեւանաբնակ Ընտանիքներուն ՄԷջ Հիւրընկալուած Է 162 Երեխայ

Երեւանի քաղաքապետարանը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրով մայրաքաղաք այցելած հայ երեխաները հիւրընկալուած են երեւանաբնակ ընտանիքներու մէջ:

Ծրագիրի 1-ին փուլէն` Յունիս 13-էն մինչեւ 8-րդ փուլի աւարտը` Օգոստոս 27, Երեւանի վարչական շրջաններուն մէջ բնակող մեր համաքաղաքացիներու 128 ընտանիքներու մէջ կը հիւրընկալուի 162 երեխայ: Ընդ որում, նախնական յայտին մէջ աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ ցանկութիւն յայտնած էին հիւրընկալել սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ` ծրագիրի ամբողջ ընթացքին պատասխանատուները պարբերաբար այցելած են ընտանիքներ, ծանօթացած երեխաներու առօրեային:

 Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած սփիւռքահայ երեխաները նշած են, որ ջերմ ընդունելութեան շնորհիւ Երեւանի մէջ իրենք կը զգան  ինչպէս իրենց սեփական տան մէջ: Արտերկրէ ժամանած հայ երեխաներուն համար կազմակերպուած են նաեւ ճանաչողական շրջագայութիւններ ՀՀ մարզերուն եւ Երեւանի մէջ:

Աւանդոյթի համաձայն` «Արի տուն» ծրագիրի աւարտին կ’որոշուին «Լաւագոյն վարչական շրջան» եւ «Լաւագոյն ընտանիք» անուանակարգերու յաղթողները:

 

Scroll Up