Աւարտեցին «Արի Տուն» Ծրագիրի Վերջին` Ութերորդ Փուլի Հայոց Լեզուի Դասընթացները
Օգոստոս 22-ին Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 հիմնական դպրոցին մէջ աւարտեց «Արի տուն» ծրագիրի վերջին` ութերորդ փուլի հայոց լեզուի դասընթացները:
Ծրագիրի հայոց լեզուի դասընթացներու իւրաքանչիւր փուլ ուշագրաւ էր իր առանձնայատկութիւններով: Տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդները իրենց երկիրներու մշակութային ուրոյն գիծերով կը համեմէին դասերը, որոնք կ’անցնէին ստեղծագործական զանազան մօտեցումներով, արդիական մեթոտներով եւ հայրենասիրական փաթոսով: Տարբեր փուլերու հետազօտական դիտակէտին մէջ էին նաեւ երեխաներու հայերէնի իմացութեան աստիճանը: Նման դիտարկումներու արդիւնքով ուսուցիչները եկած են այն մտահանգման, որ Սփիւռքէն ժամանած երեխաներուն մեծ մասը կամ ընդհանրապէս չի տիրապետեր հայերէնին եւ տասնեակ երեխաներ կրցան գրաճանաչ դառնալ, ծանօթանալ հայերէնի հնչիւնական համակարգին, մեսրոպեան այբուբենին, հայերէնի ուղղախօսական եւ ուղղագրական օրինաչափութիւններուն:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` տիկին Շողիկ Փահլեւանեան իր դիտարկումներուն արդիւնքով կը փաստէ, որ դարձած է ռուսաստանցի շուրջ 50 պատանիներու եւ աղջիկներու հայերէնի առաջին ուսուցչուհին, որ անոր համոզմամբ մեկնարկ ու ելակէտ կը հանդիսանայ, որպէսզի վերոյիշեալ երեխաները իրենց մշտական բնակութեան վայրերուն մէջ գտնեն հայկական կրթօճախներ եւ շարունակեն աճեցնել լեզուամշակութային այն ծիլերը, որ դրուած էր հայրենիքի մէջ:
Ուսուցչուհի Լուսինէ Հայրիյեան մեծ ոգեւորութեամբ կը խօսի ծրագիրի բոլոր փուլերուն մասին, յատկապէս առանձնացնելով` Արցախ բնակող սուրիահայ երիտասարդներուն, որոնք իրենց շարադրութիւններուն մէջ ոչ թէ Հալէպը, այլ` Արցախը ու Հայաստանը կը համարէին առաջին հայրենիք: Ի լրումն ըսուածի, այդ երեխաները հետաքրքրութեամբ կ’իւրացնէին արեւելահայերէնի ուղղախօսութեան եւ ուղղագրութեան կանոնները:
Իսկ ուսուցչուհի Անի Խալաթեան կը վստահեցնէ, որ անոնք աւելի հզօրացած հայկականութեամբ կը վերադառնան իրենց երկիրներ` շարունակելու հայապահպանութեան ամենակարեւոր եւ ամենաանհրաժեշտ ծրագիրը, որն է` հաւատարիմ մնալ հայ ինքնութեան, հայ համայնքին, հայ եկեղեցւոյ, հայ պետութեան:
Աւարտական ութերորդ փուլը առանձնացաւ տաղանդաշատ երեխաներով. ծիրանափողի ուղեկցութեամբ հնչեցին Չարենցի, Սեւակի, Շիրազի, համաշխարհային մեծագոյն մտածողներու պատգամները Հայաստանի եւ հայոց լեզուի մասին, իսկ ոմանք արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւններն ու յոյզերը նկարներու միջոցով: Ցերեկոյթը աւարտեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ տիկին Սիրվարդ Համբարեանի եւ Եղ. Չարենցի անուան հ.67 հիմնական դպրոցի տնօրէն Անահիտ Խեչումեանի ամփոփիչ բարեմաղթանքներով: