Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Օգոստոս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:

 Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքները:

 Կարեւոր համարուեցան համայնքներու հետ աշխոյժ աշխատանքներու իրականացումը, քննարկուեցան յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:

 Ամփոփուեցան «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուած ձեռնարկները եւ ներկայացուեցան Սեպտեմբերին կայանալիք «Տուտուկի փառատօնի», «Հայ երգի օրուան» եւ այլ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յանձնարարեց պատշաճ կազմակերպել  յառաջիկայ ձեռնարկները, մասնաւորապէս` Օգոստոս 25-26 Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ» գիտաժողովը,  սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը եւ «Արի տուն» ծրագիրի եզրափակիչ` 8-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

 Տրուեցան նոր յանձնարարականներ: Նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ:

Scroll Up