Դեռեւս Չեմ Կրնար Լիովին Բացայայտել Հայաստանն Ու Հայերը. Օլէ Մելտկարտ

Հայ-դանիական «Դանարմէն» միութիւնը հիմնուած է 2005 թուականին` Աննա Կարապետեանի կողմէ, որ այսօր միութեան փոխնախագահն է:  Աննան գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Քոփէնհակըն քաղաքի գործադիր մարմնի կամաւոր սոցիալական աշխատանքներու «Կամաւորականներու կեդրոն» կոմիտէին մէջ:  «Դանարմէն» միութիւնը «Աշխարհի մշակութային կեդրոն» կառոյցի անդամներէն է:

«Դանարմէն» միութեան ներկայիս նախագահը «Հանս Քրիստիան Քոֆոետ» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ դանիացի Օլէ Մելտկարտն է, որ «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին խօսեցաւ  միութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներու, ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անթաքոյց սիրելու գաղտնիքին մասին:

 «2001 թուականէն սկսած` աշխուժօրէն բարեգործական, մարդասիրական ծրագիրներ կը  կազմակերպենք Հայաստանի մէջ` աջակցելով  անօթեւաններուն, ծերերուն, մանկապարտէզներուն, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրող բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ  դրամական եւ մարդասիրական օգնութիւններ կը տրամադրենք: Միութեան անդամներու ջանքերով Հայաստան արդէն շուրջ 58. 968 քկ բեռ  ուղարկած ենք` 66.728 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ:

 Առհասարակ, բարեգործութիւն կատարելով`  հոգեպէս խաղաղ եւ խղճիս առջեւ հանգիստ կը զգամ: Կը գիտակցիմ` ինչ-որ չափով կրնամ օգտակար ըլլալ դժուարին պայմաններու մէջ յայտնուած մարդոց, որոնց ձեռք մեկնելու  անհրաժեշտութիւն կայ»,-ըսաւ Օլէ Մելտկարտն ու աւելցուց, որ միութիւնը ստեղծման օրուընէ մինչեւ հիմա բարեգործական եւ սոցիալական ձեռնարկներով զբաղելէ բացի, Աննա Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպէ տարբեր ազգանուէր, հայկական մշակոյթի զարգացման ու տարածման նպաստող ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, կը նշէ նաեւ եկեղեցական, ազգային եւ պետական տօները:

Միութիւնը տարբեր ծրագիրներու ծիրէն ներս  աջակցած եւ կը շարունակէ աջակցիլ ոչ միայն Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, այլեւ հէնց սուրիահայ համայնքին: Նախապէս կը ճշդեն շահառուներու ցուցակը եւ ըստ անհրաժեշտութեան` օգնութիւն կ’ուղարկեն:

 Օլէ Մելտկարտի վստահեցմամբ` Հայաստանի հետ համակողմանի համագործակցութեան արդիւնքով կը ցանկան ամրապնդել հայ-դանիական յարաբերութիւնները  եւ խթանել երկու պետութիւններու միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման:

«Հայաստանը մեզի համար առանձնակի տեղ կը գրաւէ յատկապէս այն պատճառով, որ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսած է, եւ ինչպէս գիտենք, Ցեղասպանութենէն փրկուած որբուկներուն նաեւ դանիացի միսիոնարուհիները  խնամած են եւ հոգ տարած:

Սիրով կ’աշխատիմ հայերու հետ, քանի որ անոնց կողմէ աշխատանքի հանդէպ արհեստավարժութիւն  կը նկատեմ եւ մարդկային անկեղծ վերաբերմունքի կ’արժանանամ: Արդէն 33 անգամ եկած եմ Հայաստան, սակայն դեռեւս չեմ կրնար լիովին բացայայտել Հայաստանն ու հայերը, միշտ տեսնելու եւ սորվելու բան կ’ըլլայ. հայերը հիւրընկալ, բարի ժողովուրդ են, ես  Հայաստանի մէջ շատ լաւ կը զգամ»,-նշեց Օլէ Մելտկարտը:

Խօսելով Դանիոյ հայկական համայնքին մասին` Օլէ Մելտկարտը շեշտեց, որ կազմակերպուած, աշխոյժ համայնք կը գործէ. հայերը կրնան շատ արագ ընդելուզուիլ դանիական հասարակութեան մէջ,  իսկ դանիացիներն ալ հետաքրքրուած են Հայաստանով, հայկական մշակոյթով, յատկապէս` ճարտարապետութեամբ եւ երաժշտութեամբ: Ատիկա կը վկայէ Դանիոյ մէջ յաճախակի կազմակերպուող հայ արուեստագէտներու երաժշտական ելոյթները:

Հայաստան այցելելուն` Օլէն կը սիրէ զբօսնել երեւանեան փողոցներով, լեռներն ու ձորերը բարձրանալ` շնչելու մաքրամաքուր, զուլալ օդը, վայելելու չնաշխարհիկ բնութիւնը: Ան տպաւորուած է ժայռերու մէջ ծուարած հին հայկական փոքրիկ եկեղեցիներով, խաչքարերով, որոնցմէ կախարդական, անբացատրելի ուժ կը ստանայ:

Աւելցնենք նաեւ, որ «Դանարմէն» միութիւնը աշխոյժ կը համագորածկցի նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ: Դանիոյ հայ համայնքէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն, ձեռնարկներուն վերաբերեալ տեղեկատուական նիւթեր կը փոխանակեն` պահպանելով մշտական կապը: Իսկ միութեան նախագահ Օլէ Մելտկարտը, Յունիսին Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ, Դանիոյ հայ համայնքէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներուն աշխոյժ մասնակցելու եւ աջակցելու համար արժանացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրին:

Գէորգ  Չիչեան

 

Scroll Up