Երեւանի ՄԷջ Կայացաւ Լիբանանահայ Գործիչներ Զաւէն Մ. Մսրլեանի Եւ Յովսէփ Արթինեանի Գիրքերու Շնորհանդէսը

Օգոստոս 19-ին Թէքէեան մշակութային միութեան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան մասնակցեցաւ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած լիբանանահայ գործիչներ Զաւէն Մ. Մսրլեանի եւ Յովսէփ Արթինեանի գիրքերու շնորհանդէսին: Ձեռնարկին կը մասնակցէին  Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան  փոխատենապետ Լեւոն Պլքեան, վարչութեան անդամներ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան, մտաւորականներ, գրողներ եւ ուրիշներ:

Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան հանդէս գալով բացման խօսքով` ըսաւ. «Այսօրուայ շնորհանդէսը խորհրդանշական կարելի է համարել, քանի որ «Զարթօնք» օրաթերթն իր գործունէութեան ամբողջ տարիներուն ընթացքին առաջին ձեռնարկը կ’իրականացնէ Հայաստանի մէջ: Սա նախաքայլ է «Զարթօնք»-ի գրասենեակը Երեւանի մէջ բանալու ուղղութեամբ աշխատանքներ տանելու համար: Շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Պէյրութի մէջ, սակայն փափաքեցանք նախ եւ առաջ գիրքերը Մայր հողի վրայ ներկայացնել»:

Իր հօրը նուիրուած` Զաւէն Մ. Մսրլեանի «Մկրտիչ Մսրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» աշխատութիւնը ներկայացուց Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան հայաստանեան գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Եորտեկեան:
Ան անդրադարձաւ քսաներորդ դարու 30-40-ական թուականներուն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ յայտնի գործարար, բարերար, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անդամ եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան անդամ, ազգային-քաղաքական գործիչ Մկրտիչ Մսրլեանի բազմաբեղուն գործունէութեան, անոր անցած ուղիին:

Յովսէփ Արթինեանի «Գուրգէն Եանիգեանի արարքի արձագանքներու եւ հայ-թրքական հակամարտութեան մասին հրապարակումներու մատենագրութիւն» աշխատութիւնը ներկայացուց հալէպահայ գրող,  հրապարակախօս,   հասարակական գործիչ Թորոս Թորանեան:

Իր խօսքը ըսաւ նաեւ ազատ լրագրող եւ պատմաբան Գէորգ Եազիչեան, որ մասնակցութիւն  ունեցած էր Յովսէփ Արթինեանի գիրքի աշխատանքներուն մէջ:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան` նշելով, որ նման աշխատութիւններու հրապարակումն ու ատոնք հանրութեան ըստ արժանուոյն ներկայացնելը` Սփիւռքը ճանչնալու, ընկալելու եւ հայապահպանութեան կարեւոր ուղիներէն մէկն է:

Նախարարին տեղակալը բարձր գնահատեց Մկրտիչ Մսրլեանի անցած ուղին եւ նշեց, որ ըլլալով Թէքէեան մշակութային միութեան, «Զարթօնք» օրաթերթի, «Անի» գրական ամսագիրի հիմնադիրներէն եւ հովանաւորներէն` ան մեծապէս նպաստած է հայապահպանութեան, գործ, որ մեծ նուիրուածութեամբ կը շարունակեն նոր սերունդները: Հայ ժողովուրդը պէտք է ճանչնայ եւ գնահատէ գործիչը, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն աշխուժօրէն մասնակցած է «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասեան ստեղծման, այնուհետեւ Մեծ ներգաղթի կազմակերպման եւ բազում այլ ազգային ձեռնարկներու իրականացման, որ Ս. էջմիածնին, Անթիլիասի դպրեվանքին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, լիբանահայ թեմին եւ ՀԲԸՄ-ին ուղղուած բազում բարեգործութիւններու համար ան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ-ի կողմէ արժանացած է Գրիգոր Լուսաւորիչի ադամանդակուռ շքանշանին:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալը բարձր գնագատեց նաեւ Յովսէփ Արթինեանի «Գուրգէն Եանիգեանի արարքի արձագանքներու եւ հայ-թրքական հակամարտութեան մասին հրապարակումներու մատենագրութիւն» աշխատութիւնը եւ կարեւոր համարեց ազգային կեանքին վերաբերող նման մատենագիտական համահաւաք ժողովածուներու ստեղծումը: Ս. Սրապիոնեան նշեց, որ Պէյրութի «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն մէջ 1973-1995թթ. լոյս տեսած հրապարակումներու այս մատենագրութիւնը կրնայ աղբիւրագիտական կարեւոր ուղեցոյց ըլլալ Հայ դատը, հայ-թրքական հակամարտութիւնները ուսումասիրող պատմաբաններուն համար եւ օրինակ ծառայել` ի մի բերելու Սփիւռքի մէջ հրապարակուող հայագիտական աշխատութիւնները, գիրքերն ու տարաբնոյթ հրապարակումները:

Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանի արուեստի գործ հանդիսացող Գուրգէն Եանիգեանին նուիրուած գեղանկարը:

Թեքեյանթեքեյան1 թեքեյան2թեքեյան4թեքեյան6 թեքեյան7

 

Scroll Up