Թուրքիոյ ՄԷջ Ձերբակալուած Է Հրանդ Տինքի Սպանութեան Գործով Դատաւորը

Պոլսահայ լրագրող, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան գլխաւոր դատաւոր Ռուստէմ Եըլմազը այսօր ձերբակալուած է:

Ոստիկանները զինք գտած եւ բերման ենթարկած են Թուրքիոյ Մանիսա քաղաքին մէջ, Արցախփրէսի փոխանցմամբ` կը գրէ t24.com.tr-ը:

Եըլմազին ներկայացուած է ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապեր ունենալու մեղադրանք:

Այս ձերբակալութիւնը նոյնպէս իրականացուած է Յուլիս 15-ի յեղաշրջման տապալուած փորձէն ետք պետութեան կողմէ առաջնորդուող ոստիկանական յատուկ գործողութիւններու ծիրէն ներս:

Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ռազմական յեղաշրջման փորձ: Ատոր յաջորդած են ձերբակալութիւններ երկրի զինուած ուժերու եւ այլ կառոյցներու մէջ, փակուած են բազմաթիւ թերթեր, կազմակերպութիւններ, կեդրոններ, երկրին մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: Յեղաշրջման փորձին համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կը մեղադրէ «Հիզմեթ» («Ծառայութիւն») կրօնական շարժման հիմնադիր եւ իր հակառակորդ Ֆեթուլլահ Կիւլէնը, որ ներկայիս կը բնակի ԱՄՆ Փենսիլվանիոյ նահանգին մէջ:

 Տինքը սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին:

Scroll Up