«Արի Տան» Մասնակիցները Հայրենիք Վերադառնալու Եւ Հայաստանը Շէնացնելու Մեծ Ձգտում Ունին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 6րդ փուլի մասնակից Նոնա Մինասեան հայրենիք  եկած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Վոլկոկրատ քաղաքէն: 17 տարեկան է, ծնած է Հայաստան, մէկ տարի դպրոց  յաճախած է, սակայն կեանքի բերումով 2007 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Ռուսաստան: Սակայն հայրենիքի հանդէպ ունեցած սէրը երբեք չէ մարած:

«Ես միշտ շատ  սիրած եմ Հայաստանը ու երբ այստեղէն հեռու կ’ըլլամ, շատ կը կարօտնամ: Ռուս ընկերներուս այնքան  պատմած եմ Հայաստանի մասին, որ անոնք արդէն ինքնուրոյն սկսան հետաքրքրուիլ ու համացանցի վրայ տեղեկութիւններ փնտրել: Անգամ կը ցանկան Հայաստան գալ, հայերէն սորվիլ, երբեմն ինծի բառերու նշանակութիւնը կը հարցնեն»,-«Հայերն այսօր»-ի թղթակցին հետ զրոյցին կը պատմէ Նոնան, որ Հայաստանէն մեկնելէն ետք արդէն 3-րդ անգամն է, որ կ’այցելէ հայրենիք:

«Երբ մեկնելէ յետոյ առաջին անգամ եկայ Հայաստան, շատ մեծ փոփոխութիւններ զգացի, երկիրս աւելի  գեղեցկացած էր: Ուրախ եմ, որ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին: Շրջագայութիւններուն ընթացքին ինծի շատ  տպաւորած է Գառնիի հեթանոսական տաճարը եւ Գեղարդի բնութիւնը»:

Նոնա

Զրոյցին ընթացքին Նոնան նաեւ նշեց, որ դպրոցը աւարտելէ ետք կը ցանկայ գալ եւ ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ. «Մեծ ցանկութիւն ունիմ գալ եւ այստեղ ապրիլ, սորվիլ, քանի որ շատ կը կարօտնամ: Ամէն անգամ, երբ Հայաստանէն կը մեկնիմ, ողջ տարին անհամբեր կը սպասեմ, թէ երբ կրկին հայրենիք պիտի գամ»:

«Հայերն այսօր»-ի միւս զրուցակիցը` Վաչագան Այրումեան, եկած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Մաժասք քաղաքէն: Ծնած է Հայաստանի մէջ, 8 ամսականին ընտանիքին հետ մեկնած է Ռուսաստան: Վաչագան բռնցքամարտով կը զբաղի: Հայերէն գրել, կարդալ կը դժուարանայ, բայց ցանկութիւն ունի սորվելու:

Վաչագան

«Մեր քաղաքին մէջ հայեր գրեթէ չկան, բայց Մոսկուայի մէջ շատ կան: Այնտեղ հայ համայնքը պարբերաբար տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Վաչագան ու աւելցուց, որ հայրենիքը շատ կը սիրէ, ամէն տարի Հայաստան կու գայ եւ ցանկութիւն ունի այստեղ ապրելու,- Հայրենիքս շատ կը սիրեմ, ինծի համար հարազատ է անոր ամէն մէկ անկիւնը` Գառնին, Գեղարդը, Խոր Վիրապը: Ռուս ընկերներուս անընդհատ կը պատմեմ Հայաստանի մասին, անոնց հայերէն բառեր կը սորվեցնեմ: Անոնք գիտեն, որ հայերը շատ հիւրընկալ են»:

Արփի Պետրոսեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի 2-րդ շրջանի ուսանողուհի

Scroll Up