Հռոմի Պապը Վատիկան Ճաշի Հրաւիրած Է Սուրիացի Փախստականները

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը Վատիկանի մէջ ճաշած է սուրիացի փախստականներուն հետ, news.am-ի հաղորդմամբ` կը փոխանցէ CTV News-ը:

Հովուապետի հրաւէրով ներգաղթեալները եկած են յունական Լեսպոս կղզիէն: Ճաշը տրուած է Վատիկանի Սուրբ Մարթայի տան մէջ, ուր կը գտնուի Ֆրանչիսկոսի անձնական յարկաբաժինը:

Կը նշուի, որ ճաշին մասնակցած են սուրիացի փախստականներու երկու խումբեր, որոնց Ապրիլ 16-ին Հովուապետը այցելած էր Յունաստանի մէջ: Այդ ժամանակ Վատիկան վերդառնալուն ան  իր հետ բերած էր 12 գաղթականի:

Scroll Up