ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակի Ձեռնարկներու Կազմակերպման Յատկացուեցաւ 100 Մլն Դրամ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/12571_am_2.jpg)
ՀՀ կառավարութիւնը այսօրուան նիստին անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ձեռնարկներու կազմակերպման համար յատկացուց 100 մլն 760 հազար դրամ:
ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան նշեց, որ այդ գումարը որպէս նուիրաբերութիւն կը տրուի «Դասական երաժշտութեան աջակցութիւն» ՀԿ-ին`տօնական ձեռնարկները կազմակերպելու համար:
Սեպտեմբեր 21-ին հանրապետութեան հրապարակին վրայ իրականացուելիք տօնական համերգի ծրագիրին մէջ ներառուած պիտի ըլլան կատարողներ` Երեւանէն եւ մարզերէն, առաձնայատուկ դեր ու նշանակութիւն պիտի տրուի անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն:
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարեց պատասխանատուներուն Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպել լաւագոյն կերպով: