ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/images6.jpg)
ՅԱՐԳԱՐԺ´Ն ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԻԿԻՆ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.
Խօսքերով չենք կրնար մեր շնորհաւորանքները ուղարկել Ձեզ` նման հրաշալի եւ արժանապատիւ նախարարութիւն ստեղծելու համար, որ իսկապէս կ’աշխատի ի նպաստ աշխարհի հայութեան: Դուք այն իւրայատուկ մարդոցմէ էք, որ կրնաք ստեղծել դեռ աւելին: Մենք` յունաստանաբնակ ալեքսանդրապոլսեցիներս, որ կապ չենք ունեցած Սփիւռքի նախարարութեան հետ, այս տարի առիթ ընձեռնուեցաւ
մասնակցելու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին: Մինչեւ այսօր անոնք մեծ գոհունակութեամբ կը խօսին այդ մասին, մեր ուսուցչուհիներու միջոցով մենք ճանչցանք Ձեզ, անոնք եկած օրուընէ մինչեւ օրս կը խօսին Հայաստանի մէջ եւրոպական չափանիշներով եւ առաւել կազմակերպուած ընդունելութեան մասին:
Ես եւս մէկ անգամ կ’ուզեմ շնորհաւորել այս 5 տարիներու Ձեր աշխատանքի արդիւնքը: Ոչինչ հեշտութեամբ չըլլար. Դուք եւս բազում քարքարօտ ճանապարհ անցած էք ու կ’անցնիք հայանպաստ գործի համար, միասնութեան ու կրթութեան գործի համար, բայց այս ամէնուն ի՞նչ գնահատական կրնաք տալ կամ ի՞նչ շնորհաւորանք. ամէն ըսելիք քիչ պիտի ըլլայ…
Ընդունէ´ք ժողովրդական լեզուով, բայց մեր սրտէն բխած այս խօսքերը` «ՀԱԼԱԼ է ՁԵԶ, ՄԻՇՏ ԵՂԷ´Ք ԱՅԴՊԻՍԻՆ` ՀԱՅՈՒՀԻ ԿԻՆ, 21-րդ ԴԱՐՈՒ ՄԵԾ ՏԻԿԻՆ»:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆԷՆ`
ԱՐԻԿ ԱՂԱՋԱՆՑ