Մնջախաղի Միջազգային Փառատօն Ծաղկաձորի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/49722.jpg)
Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Ծաղկաձոր քաղաքի Ծաղկունեաց հրապարակին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Փառատօնի ընթացքին ներկայացումներ պիտի ցուցադրուին նաեւ Դիլիջանի մէջ:
«Ողջունում եմ բոլոր մասնակիցներին եւ հիւրերին: ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի բարձր հովանու ներքոյ, հհ մշակոյթի նախարարութեան եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ այս փառատօնը կը դառնայ ամենամեայ»,- նշած է Մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փառատօնի հիմնադիր Ժիրայր Դադասեան եւ աւելցուցած, որ Սեպտեմբերէն Ստեփանակերտի մէջ պիտիը գործէ մնջախաղի արուեստանոց, եւ յաջորդ տարի արուեստանոցին սաները ելոյթ պիտի ունենան Ծաղկաձորի մէջ:
Բացման արարողութեան հանդէս եկած են Ռուսիոյ, Հայաստանի, Հարաւային Ափրիկէի, Իրանի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի մնջախաղի վարպետները: Փառատօնի բացման արարողութիւնը աւարտած է շքեղ հրավառութեամբ:
Փառատօնը առաջին անգամ իրականացած է 2008-ին՝ երկու տարին մէկ անգամ, սակայն այս տարունէ սկսեալ` անիկա պիտի իրականացուի ամէն տարի: