Հալէպի Մէջ Վիրաւորուած Է Սագօ Գույումճեանը

Օգոստոս 10-ի առաւօտեան,Նոր Գիւղի փուռին մօտ ուղեկորոյս փամփուշտի մը հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է հալէպահայ Սագօ Գույումճեան եւ փոխադրուած է հիւանդանոց։
Շտապ օգնութեան աղբիւրները յայտնեցին, թէ փամփուշտը մտած է անոր քանկին մէջ։ Գույումճեանի առողջական վիճակը ծանր է։

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասարա:

Scroll Up