Հայաստանը «Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներու Աչքերով
«Արի տուն» ծրագիրի 7-րդ փուլին մասնակից, տարբեր երկիրներէ հայրենիք ժամանած պատանիները ծրագիրի ծիրէն ներս կը ծանօթանան Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններուն եւ կը մասնակցին հայոց լեզուի դասընթացներուն. արիտունցիներէն շատերը հայերէնը հէնց ծրագիրին ընթացքին կ’ուսումնասիրեն: Մասնակիցներէն շատերը բազմիցս եկած են Հայաստան, բայց հայրենիքի պատմական վայրերը առաջին անգամ կ’այցելեն:
Ծրագիրի մասնակիցները «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին կիսուած են իրենց տպաւորութիւններով:
Զաքարեան Սոնա, Ռուսաստան, Մոսկուա
– Եկած եմ Մոսկուայէն, կը յաճախեմ դպրոց, միաժամանակ կը զբաղիմ լողով: «Արի տուն» ծրագիրին մասին ինծի պատմած է ընկերներէս մէկը, որ մասնակցած էր ծրագիրին: Ընկերս շատ հաւնած էր ծրագիրը եւ ինծի խորհուրդ տուաւ մասնակցելու: Ես ալ, որ վերադառնամ Մոսկուա` ծրագիրին մասին անպայման պիտի պատմեմ ընկերներուս: Ծրագիրին շնորհիւ ես ծանօթացայ տարբեր երկիրներէ եկած իմ հասակակիցներուս հետ եւ ընկերացայ: Հայաստանի մէջ օրս շատ յագեցած կ’անցնի, մենք այստեղ մեր հայրենիքին մասին շատ նոր բաներ կը սորվինք: Շնորհակալ եմ «Արի տուն» ծրագիրի կազմակերպիչներուն, որոնք ինծի հնարաւորութիւն տուին ճանչնալու հայրենիքս եւ ունենալու լաւ ընկերներ:
Աբրահամեան Անկելինա Ուքրանիա, Խարկով
– Երբ Խարկովի մէջ ինծի պատմեցին ծրագիրին մասին, ես այն ժամանակ չէի պատկերացներ, որ այն այսքան հետաքրքիր է: Ծրագիրի առաջին օրը արդէն մենք այցելեցինք շատ հետաքրքիր վայրեր, ծանօթացանք շարք մը յուշարձաններու պատմութեան: Մինչ այստեղ գալս ես չէի գիտեր, որ հայերը տարածուած են ամբողջ աշխարհով. ես ատով համոզուեցայ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս: Ուրախ եմ, որ հիմա այստեղ եմ: Հետս են նաեւ իմ հասակակիցներս տարբեր երկիրներէ: Համոզուած եմ` մեր ընկերութիւնը կը շարունակուի նաեւ ծրագիրէն ետք: Ինծի կ’ոգեւորէ այն միտքը, որ ես կը շրջիմ իմ ծննդավայրով եւ կը ճանչնամ զայն:
Աղապապեան Երանուհի Ռուսաստան, Մոսկուա
Առաջին անգամ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին: Մեզի շատ ջերմ ընդունեցին այստեղ: Թէեւ շատ շոգ է, բայց այն չի խանգարեր վայելելու հայրենիքի գեղեցկութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ հիմա այստեղ եմ: Ես քանի մը անգամ եկած եմ Հայաստան, բայց փոքր տարիքիս, այն ժամանակ դեռ բան չէի հասկնար: Վեց տարեկան էի, երբ ծնողներս տեղափոխուեցան Մոսկուա: Այս տարի մեր հարազատներէն լսեցինք ծրագիրին մասին, եւ ծնողներս որոշեցին, որ ես ալ պէտք է մասնակցիմ:
Ասատրեան Սեւակ Չեխիա, Փրակ
– Կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին, որպէսզի ծանօթանամ իմ հասակակիցներուս հետ, լաւացնեմ հայոց լեզուի իմացութիւնս եւ այցելեմ հայրենիքիս պատմամշակութային յուշարձանները: Շատ կ’ուզեմ տեսնել Սեւանայ լիճը: Չեխիոյ մէջ կը յաճախեմ Փրակի հայկական համայնքի շաբաթօրեայ դպրոց, ուր եւ ինծի պատմած են ծրագիրին մասին:
Խաչատուրեան Մելինէ Գերմանիա
– Առաջին անգամ եկած եմ Հայաստան: Շատ ուրախ եմ, որ կայ «Արի տուն» ծրագիրը: Բոլոր հարազատներս Գերմանիա կ’ապրին, ես միայն ծրագիրին շնորհիւ կրցայ հայրենիքս տեսնել: Մինչեւ Հայաստան գալս` շատ կ’ուզէի Էջմիածին քաղաքը տեսնել եւ այցելել Խոր Վիրապ: Գերմանիոյ մէջ կ’ուզեմ ուսուցչուհի դառնալ, որպէսզի հայ երեխաներուն սորվեցնեմ հայրենիքի պատմութիւնը:
Յարութիւնեան Մարիանա Ռուսաստան, Տուէր
– Ծրագիրին կը մասնակցիմ քրոջս` Նարինէի հետ: Մենք Հայաստան եկած ենք, որպէսզի տեսնենք հայրենիքի տեսարժան վայրերը, ծանօթանանք պատմամշակութային յուշարձաններուն, սորվինք պատմութիւնը եւ հայրենիքին մէջ վայելենք մեր արձակուրդը:
Տաթեւ Դաւթեան