Սթրազպուրկի «Հայորդի» Երիտասարդաց Միութեան Աջակցութիւնը Հայաստանին Եւ Արցախին

Սթրազպուրկի մէջ գործող «Հայորդի» երիտասարդաց միութեան նախաձեռնութեամբ արդէն 2-րդ տարին է` կ’իրականացուի «Օգնենք սահմանամերձ գիւղերուն» բարեգործական ծրագիրը: Նպատակը` սահմանամերձ գիւղերուն մէջ բնակող անապահով ընտանիքներու երեխաներուն հագուստով եւ գրենական պիտոյքներով ապահովելն է:
«Հայորդի» երիտասարդական միութեան անդամները Յուլիս 30-էն մինչ Օգոստոս 3 այցելեցին Արցախ եւ ՀՀ Տաւուշի մարզ` միութեան օգնութիւնը հասցնելով անապահով ընտանիքներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն նախաձեռնողները:
Արցախի մէջ երիտասարդները եղան Մարտակերտի շրջանի Նոր Սէյսուլան եւ Նոր Հայկաջուր գիւղերուն մէջ, իսկ Տաւուշի մարզին մէջ օգնեցին Մովսէս, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Այգեպար գիւղերու անապահով ընտանիքներուն: Ընդհանուր առմամբ` օգնութիւն ստացած է շուրջ 140 ընտանիք:
Մօտ օրերս միութիւնը ծրագրած է այցելել Հայաստանի սահմանամերձ գօտիի զօրամասեր եւ զինուորներուն տրամադրել առողջապահական եւ այլ անհրաժեշտութեան պարագաներ: