Երեւանի Մէջ Բացուած Է Ռոպերթ Կարապետեանի «Արուեստի Աշխարհին ՄԷջ» Յոբելեանական Ցուցահանդէսը

Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի ծննդեան 80 եւ մասնագիտական գործունէութեան 60- ամեակին նուիրուած «Արուեստի աշխարհին մէջ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը բացուած է Երեւանի մէջ: «Իմ հայրենիքս Հայաստանն է, չնայած կ’ապրիմ ԱՄՆ-ի մէջ: Յուզուած եմ եւ երջանիկ, որ այստեղ եմ»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ նշեց Ռոպերթ Կարապետեան:

«Ռոպերթը արուեստանոցը փոխած է, ոչ թէ հայրենիքը: Կը կարծեմ` սա անցեալ դարու երկրորդ կէսի մշակութային արժէք ունեցող կարեւորագոյն ցուցահանդէսներէն է»,- նշեց լրագրող Վանիկ Սանթրեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի մամլոյ խօսնակ Սէյրանուհի Գեղամեանի խօսքով` լուսանկարներէն իւրաքանչիւրը  համարժէք է մէկ գիրքի: Այդ լուսանկարները աւելին արժեն քան տասնեակ էջեր: Ատոնք եւ՛ գեղանկարչական, եւ՛ գեղարուեստական տարր կը  պարունակեն, որոնք անհրաժեշտ են ﬔզի եւ ապագայ սերունդներուն:

«Ռոպերթը պահը անմահացնելու տաղանդ ունի: Ան սեւ եւ սպիտակ լուսանկարներ ստեղծելու վարպետ է, բարձր մակարդակ ունեցող լուսանկարիչ, Հայաստանի ապագայով մտահոգուած անհատ: Իր մարդկային որակներու, նուիրուածութեան շնորհիւ բոլորիս սիրելին  դարձած է»,- նշեց դրամատուրգ, հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեան:

Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած սեւ ու սպիտակ լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են հայ անուանի գործիչներ Պարոյր Սեւակ, Վարդան Աճեմեան, Մհեր Մկրտչեան, Սօս Սարգսեան, Վահրամ Փափազեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Մարտիրոս Սարեան եւ այլք: Բացման արարողութեան «Գրաթերթ» պարբերականին կողմէ Ռոպերթ Կարապետեանին յանձնուեցաւ «Տարուան լաւագոյն լուսանկարիչ» մրցանակը:

Ռոպերթ Կարապետեան բազﬕցս լուսանկարչական ցուցահանդէսներ  ունեցած է Երեւանի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան նկարահանած է «Իմ Երեւանը», «Վազգէն Մուրադեան», «Հայոց Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական շարժանկարները:

Scroll Up