ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Յարգարժա´ն տիկին Յակոբեան.

Մեր սրտագին շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները կը յղե´ք Ձեզ ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման 5-ամեակի առիթով:

Անցած հինգ տարիներուն ընթացքին Դուք հնարաւորութիւն  ընձեռած էք մէկ հովանիի ներքոյ համախմբելու սփիւռքահայ մասնագէտները տարբեր ոլորտներէ, կազմակերպութիւններէ եւ համայնքներէ,  գործելու յանուն հայ ժողովուրդի աւելի լաւ եւ բարգաւաճ ապագայի:

Շնորհակալ ենք Ձեզ` Ձեր իմաստուն առաջնորդութեամբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբելու եւ համագործակցութեան հարթակ ստեղծելու համար:

Կը մաղթենք Ձեզ նորանոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ:

Յարգանքով`

Վահէ Թութունճեան, Գոհար Թութունճեան

Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական միութեան համանախագահներ

 

Scroll Up