Տեղի Ունեցաւ Սփիւռքահայ Դաշնակահար Միքայէլ Հայրապետեանի Մենահամերգը

Օգոստոս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Գաֆէսչեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահար, «Հայաստանի գաղտնիքներ» երաժշտական նախագիծի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեանի մենահամերգը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, արուեստագէտներ, հիւրեր:
Միքայէլ Հայրապետեան առաջին անգամ հանդիսատեսի դատին ներկայացուց հայ երգահան Հարօ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները` իր տաղանդաւոր կատարումներով շլացնելով հանդիսատեսը:
Հնչեցին Հարօ Ստեփանեանի` ժողովրդական բներգներով գրուած մանկական երաժշտութիւն եւ 26 նախերգանք դաշնամուրի համար:
Համերգի աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց տաղանդաւոր դաշնակահարին հայ դասական երաժշտութեան գոհարները աշխարհին ներկայացնելու, հայկական մշակոյթը ճանաչելի դարձնելու համար: Ան մասնաւորապէս նշեց. « Շնորհակալ ենք , որ հանդիսատեսի ուշադրութեանն էք ներկայացնում նաեւ մինչեւ օրս քիչ յայտնի հայ երգահանների գործերը: Այսօր համաշխարհային պրեմիերա էր, առաջին անգամ ներկայացուեցին Հարօ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները: Նորանոր բեմեր եւ պրեմիարաներ ենք մաղթում ձեզ: Շնորհակալ ենք այսօր մեզ սքանչացումի պահեր պարգեւելու համար»:
Միքայէլ Հայրապետեան աւարտած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան պետական երաժշտանոցը եւ ներկայիս կ’ուսանի Մոսկուայի երաժշտանոցի ասպիրանտուրային մէջ, կը զբաղի հայ երաժշտահաններու անարդարացիօրէն մոռցուած ստեղծագործութիւններուն նոր կեանք հաղորդելու եւ հանրային հետաքրքրութիւնը դէպի հայկական դասական երաժշտութիւնը սեւեռելու ազգանուէր գործով:
Միքայէլ Հայրապետեան «Naxos»-ի միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստագէտ է, անոր հայ դասական երաժշտութեան կատարումներու ձայնասկաւառակներուն մասին գրախօսականներ կը գրուին աշխարհի լաւագոյն երաժշտական ամսագիրներու մէջ` «FANFARE», «International Piano», «American Record Guide», «Music Web International» կողմէ: