Կայացաւ Ասմունքի Համահայկական 5-րդ Փառատօնի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/Ասմունքի-փառատոն.jpg)
Օգոստոս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի ծիրէն ներս Շուշիի Խաչատուր Աբովեանի անուան դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի համահայկական 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ սփիւռքի նախարարի ողջոյնի խօսքը ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր. «Ջերմօրէն ողջունում եմ ձեզ եւ շնորհաւորում Ասմունքի համահայկական հինգերորդ փառատօնին մասնակցելու առիթով, որն այս տարի նուիրուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ 25-ամեայ յոբելեաններին: 25 տարի շարունակ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը, ձեռք ձեռքի տուած, կառուցում, շէնացնում են իրենց Հայրենիքը, ստեղծում ամուր եւ հզօր պետականութիւն, պայքարում` յանուն խաղաղ, լուսաւոր, գեղեցիկ ապագայի:
Յատկապէս այս օրերին, երբ սահմանում իրադրութիւնը շարունակում է լարուած մնալ, Շուշիում կազմակերպուող ասմունքի փառատօնը իւրատեսակ խորհուրդ է ձեռք բերում: Մենք ոգու ժողովուրդ ենք, եւ այդ ոգեղէնութեան կրողն է ձեզանից իւրաքանչիւրը: Ձեր ներկայութիւնն այդտեղ ապացուցում է, որ ցանկացած իրադրութեան մէջ հայ ժողովուրդն իր երակներում ապրելու եւ արարելու ուժ է գտնում ու նոյնը սերմանում է իր զաւակների մէջ:
Փառատօնը նաեւ հիանալի հնարաւորութիւն է բոլորիդ համար` հաւաքուելու մէկ յարկի ներքոյ: Եւ չնայած նրան, որ դուք մշակութային տարբեր միջավայրերից էք գալիս, այս պահին մէկ հաւաքականութիւն էք ու պիտի հնչեցնէք հայ բառն ու բանը, հայրենասիրական պատգամներ փոխանցէք իրար ու վերադառնաք ձեր բնակութեան երկրները` զօրացած, էլ աւելի հայեացած»:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցան նաեւ ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արմէն Սարգսեան, Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Կասեան: Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Արծրուն Աւագեան, որ կը գլխաւորէ գնահատող յանձնախումբը, բարիերթի մաղթանքին զուգահեռ` ներկայացուց մրցոյթի իրականացման կարգն ու գնահատման չափորոշիչները:
Աւելցնենք, որ փառատօնը կը կազմակերպուի «Աւան Շուշի Պլազա» հիւրանոցի, ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հետ համագործակցութեամբ:
Փառատօնին կը մասնակցին 6-18 տարեկան 113 աշակերտ 7 երկրէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, ՌԴ-էն, Վրաստանէն:
Փառատօնը կ’աւարտէ Օգոստոս 5-ին: Փակման արարողութեան ժամանակ կը յայտարարուին յաղթողներու անունները:
Փառատօնի ծիրէն ներս կը կազմակերպուին նաեւ այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրեր, Զոհուած ազատամարտիկներու թանգարան, Սուրբ Ղազանչեցոց, Գանձասար եւ Կանաչ ժամ եկեղեցիներ, Տիգրանակերտ, Հունոտի կիրճ, Տաթեւի վանք, Քարահունջ: Կ’իրականացուին նաեւ երեկոյեան տօնակատարութիւններ: