Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Համերգ Զուիցերիոյ ՄԷջ
Յուլիս 30-ին Ժնեւի մերձակայ Փիւփլանժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան միջազգային փառատօն, որուն ծիրէն ներս, իբրեւ պատուոյ հիւր, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկաւ Հայաստանի ազգային կամերային նուագախումբը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեան, որ ընդգծեց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին համար քսանհինգ տարի առաջ անկախ պետականութեան վերականգնման կարեւորութիւնը եւ անդրադարձաւ հայկական երաժշտական արուեստի աւանդոյթներուն:
Համերգին ընթացքին նուագախումբի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեանի կատարմամբ հնչեցին հայ եւ միջազգային դասական երաժշտահաններու, ներառեալ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: