Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին. Եգիպտոսի Խորհրդարանը Լրջօրէն Կը Քննարկէ Այդ Հարցը

Եգիպտոսի խորհրդարանը լրջօրէն կը քննարկէ այդ հարցը (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, խմբ.): Այդ մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարէք Մաատին:
Ներկայիս, անոր խօսքով, Եգիպտոսի կառավարութիւնը առայժմ այդ հարցին վերաբերեալ որոշում չէ կայացուցած: «Բայց Եգիպտոսի խորհրդարանը, որ երկրի նոր Սահմանադրութեան համաձայն, շատ լայն լիազօրութիւններով օժտուած է, լրջօրէն կը քննարկէ այդ հարցը: Յաջորդ օրերուն ընթացքին մենք կը տեսնենք, թէ ինչ որոշում կ’ընդունուի: Որպէս Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան, ձեր երկրին լաւագոյնը կը մաղթեմ», – աւելցուցած է Թարէք Մաատին:
Յիշեցնենք, որ եգիպտացի պատգամաւոր Մուսթաֆա Պաքրին խորհրդարանին եւ կառավարութեան կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան եւ 336 պատգամաւոր խորհրդարանին կոչ ըրած են հաւանութիւն տալ 1915 թուականին Օսմանեան կառավարութեան ձեռքով 1,5 մլն հայու կոտորածը Հհայոց ցեղասպանութիւն կոչելու օգտին բանաձեւի ընդունման նախագիծին: